ՔԱՅԼԵՐԳ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՇԱՄԼԵԱՆ-ԹԱԹԻԿԵԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
(Նոր Մարաշ, Լիբանան)
Շամլեան-Թաթիկեան Վարժարան,
Անունդ ապրի՛:
Ջահդ՝ Աւետ. Կրթական օրրան,
Բոցավառի՛:
Մէկտեղ կու գանք քեզ պատուելու,
Խաւարն մընայ քեզմէ հեռու,
Պահենք փարոսդ մեր լուսատու՝
Համբաւդ բարի:
Մայրիներու հողէն ցայտուն,
Ջինջ աղբերակ,
Ջուրդ՝ Մեսրոպեան հիւթով լեցուն՝
Կ’անցնէ պապակ:
Անով կը մնաս մեզի ընկեր,
Ընդդէմ չարի բերդ մ’անվեհեր,
Եւ կ’ընես մեզ ծառայասէր
Սիրտ, կամք համակ:
Կ’ողջունեն քեզ, Մա՛յր Վարժարան,
Տուն հոգեսուն,
Ցոյց տո՛ւր ուղին ճշմարտութեան,
Իղձն մեր հոգւոյն:
Օրերուն մէջ եւս ապառնի
Թող մեր վերեւ դրօշդ ծածանի,
Մինչ միանանք երգիդ դաշնի,
Ուխտի հանգոյն:
ՎԵՐ. ՅՈՎՀԱՆԷՍ ԱԿՆԵՐԵԱՆ
Bourj Hammoud, P.O. Box 80907
Matn, Lebanon
+961-1-261749
aessbh@terra.net.lb